2016-08-22 10:34:00

«Ռիօ-2016»-ը դարձաւ պատմութիւն` ճանապարհը զիջելով «Թոքիօ-2020»-ին


Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ աւարտեցան 31­-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերը: Օգոստոս 5­-էն մինչեւ 21­ աւելի քան 10.500 մարզիկ, 205 երկրէ մասնակցեցան ամառնային ողիպիական խաղերուն:

31 ամառնային ողիմպիական խաղերուն Հայաստանի հաւաքականը ունեցաւ իր պատմութեան ամենայաջող մասնակցութիւնը: Ըստ Armenpress.am-ի՝ 20 տարի դադարէ ետք, հայ յունահռոմէական ոճի ըմբիշ 98 քիլոկրամ քաշային Արթուր Ալեքսանեանը դարձաւ ողիմպիական խաղերու ախոյեան: Ոսկէ մետալին մօտ էր յունահռոմէական ոճի միւս հայ ըմբիշը` Միհրան Յարութիւնեանը, որուն ոսկէ մետալը կողմնակալ մրցավարութեան պայմաններու մէջ յանձուեցաւ Սերպիայի ներկայացուցիչին: Իրենց հիանալի դրսեւորեցին ծանրորդներ Սիմոն Մարտիրոսեանն ու Գոռ Մինասեանը, որոնք իրենց քաշային կարգերուն մէջ դարձան արծաթէ մետալակիր: Հայաստանը մետալային հաշուարկով զբաղեցուց 42­-րդ պատուաւոր հորիզոնականը:

31-­րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն իրենց հիանալի ելոյթներէն ետք միջազգային ասպարէզը աւարտեցին այնպիսի հռչակաւոր մարզիկներ, ինչպէս` Մայքլ Ֆելբսը, Թօնի Փարքըրը, Մանու Ժինոպիլին:

«Ռիօ-2016»-­ի փակման արարողութեան ընթացքին, ողիմպիական խաղերու պատմութեան մէջ առաջին անգամ սգոյ յիշատակի արարողութիւն տեղի ունեցաւ ողիմպիական աւանին մէջ: Ողիմպոսէն բերուած ժայռաբեկորի մօտ ողիմպիական մարզիկները յատուկ ծիսակարգով յիշատակի տուրք մատուցեցին հանգուցեալներուն: Նոյն կերպ, յետադարձ հայեացք նետելով սփորթի, երիտասարդութեան, ողիմպիական արժէքներու եւ Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ հրաշալի հիւրընկալութեան այս տասնվեցօրեայ տօնին վրայ: Այսպիսով 31­րդ ամառնային ողիպիական խաղերը աւարտեցան: Չորս տարի ետք, ողիմպիական խաղերու կազմակերպիչ երկիրը պիտի ըլլայ Ճափոնը, իսկ 32-­րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն մայրաքաղաքը` Թոքիոն։

Քաղուած Եռագոյնէն 








All the contents on this site are copyrighted ©.